2014-10-16 10:26:14

Միջազգային գիտաժողով` առաջին աշխարհամարտին մասին` ''անվերջ ողբերգութիւն մը''։


(Ռ.Վ. 16 հոկտեմբեր 2014) ''Առաջին աշխարհամարտը (1914-1918) մինչեւ օրս կը յիշուի որպէս անհուն ողբերգութիւն մը, եւ որուն հետեւանքները տակաւին կը լսուին 21-րդ դարու արշալոյսին'', ըսաւ կարդինալ Փարոլին` Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը, չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2014-ին, Վատիկանի մէջ բացումը կատարելով, միջազգային գիտաժողովի մը որուն նիւթն է ''անօգուտ ջարդ. կաթողիկէները եւ Ս. Աթոռը առաջին աշխարհամարտին մէջ'', եւ որ կազմակերպուած պատմական գիտութեանց քահանայապետական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ։
Կարճատեւ պատերազմի մը մասին կը խօսուէր, դիտել տուաւ Պետական քարտուղարը եւ սակայն եղաւ անվերջ ողբերգութիւն մը։ Զինեալ ընդհարումը տեղաշարժի մէջ դրաւ 65 միլիոն զինուորներ, ոչնչացուց երեք կայսրութիւններ, պատճառեց 20 միլիոն մեռեալներ եւ 21 միլիոն վիրաւորներ` զինուոր թէ քաղաքացի։ Այդ զինեալ ընդհարումին Ս. Աթոռը չէզոք դիրք մը չբռնեց, այլ իւրացուց դիրք մը կատարեալ անկողմնակցութեան ու բարեգործութեան։
Յաչս ներկայ զինեալ ընդհարումին ըսաւ կարդինալ Փարոլին, իրարայաջորդ Քահանայապետներուն Ձայնը եղաւ իմաստութեան ձայն որ կը ձգտի խաղաղ համակեցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.